
1988-ի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակը Յարգուեցաւ Յունաստանի Մէջ
Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի 31-րդ տարելիցին առթիւ յունահայ համայնքներու մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան արարողութիւններ, ժողովուրդի եւ կառոյցներու մասնակցութեամբ։ Նախապէս լոյս տեսած Ազգային Առաջնորդարանի եւ Յարանուանութեանց կողմէ միացեալ յայտարարութեամբ՝ կը տեղեկացուէր, թէ արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Աթէնքի կեդրոնը կանգնած խաչքարին առջեւ։
Ըստ «Ազատ օր»-ի՝ Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Աթէնքի «Նայիատոն» հրապարակին վրայ զետեղուած, Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յաւերժութիւնը խորհրդանշող խաչքարին առջեւ, կազմակերպուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, հովանաւորութեամբ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօլեանի, որ կատարեցին Հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան եւ Առաջնորդ Սրբազան հօր անունով՝ Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հայրեր Հրայր Ա. քհնյ Նիկոլեան, Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ եղան ՀՀ դեսպանատան կողմէ հիւպատոս Աննա Խաչատրեան, Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Յաջորդաբար զետեղուեցան դափնեպսակներ։ Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբերին, Յունաստանի տարածքին գործող եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ հոգեհանգիստ զոհերու յիշատակին։ Պատարագիչ հոգեւորականները անդրադարձան երկրաշարժի տարելիցին։
Գոմոթինիի մէջ, տեղւոյն եկեղեցիէն ներս Ս. Յակոբի տօնախմբութեան առթիւ, հոգեհանգիստը կատարեց Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ներկայութեամբ ՀՀ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի եւ ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեանի։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, անդրադառնալով երկրաշարժին, մատնաշեց, թէ հայ ժողովուրդը կարողացաւ ոտքի կանգնիլ ու դարձեալ ստեղծագործել, սակայն՝ երբեք չի մոռնար երկրաշարժի զոհերը եւ ամէն տարի կը յարգէ անոնց թարմ յիշատակը։