
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Յայտարարութիւնը՝ Կրթութեան Ոլորտի Պահանջներուն Մասին
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ վերահաստատեց պայքարի իր վճռականութիւնը՝ յանուն յառաջադէմ եւ ազգային արժեհամակարգի վրայ հիմնուած հասարակութիւն ունենալու։
Յայտարարութեան մէջ պահանջներն են.
«1. Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ արդիական պահանջներէն եւ ազգային պետութիւն ունենալու հրամայականէն բխող համապատասխան ռազմավարութիւններու մշակում եւ հրապարակում:
«2. Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու պետական ֆինանսաւորման էական աճ: Յառաջիկայ տարիներուն համար անհրաժեշտ է ռազմավարական նպատակ ունենալ կրթութեան յատկացուող միջոցներու ծաւալի մեծացումը այնպէս, որ այդ միջոցները կազմեն ՀՆԱ 3-4 տոկոսը, իսկ գիտութեան պարագային՝ այդ թիւը պէտք է գերազանցէ ՀՆԱ 1 տոկոսը:
«3. Ապահովելով «Հայոց լեզու» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերու բուհերուն մէջ դասաւանդման պարտադիր սկզբունքը՝ ձեռնամուխ ըլլալ համապատասխան հայեցակարգերու եւ մասնագիտական ծրագրերու մշակման: «Հայոց լեզու» նիւթի դասաւանդման ծիրէն ներս պէտք է ձեռք բերուին հիմնաւոր գիտելիքներ, որոնք թոյլ պիտի տան բուհի շրջանաւարտներուն տիրապետելու մասնագիտական եզրութաբանութեան: «Հայոց պատմութիւն» նիւթի պարագային ուսանողներու մէջ պէտք է ձեւաւորել քննական մտածողութիւն եւ սեփական հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու խորքային ընկալում:
«4. Ապահովելով «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» նիւթի պարտադիր դասաւանդումը դպրոցներու մէջ՝ ուշադրութիւն դարձնել ազգային ինքնութեան անքակտելի մասը կազմող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ էութեան ներկայացման, աշակերտներու մէջ պետականամէտ եւ հայաստանակեդրոն մտածելակերպի ամրապնդման:
«5. Շրջանառութենէ հանել կամ արմատապէս վերանայիլ Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրէնքի նախագիծը: Ձեռնամուխ ըլլալ բուհերու իրական ակադեմիական ազատութեան եւ կառավարման ինքնավարութեան նպաստող նախագիծի ներկայացման, որ նպատակ պէտք է ունենայ ապահովելու ԲՈՒՀ-գիտութիւն-աշխատաշուկայ կապը: Նախագիծին մէջ պէտք է որոշակի ըլլայ նաեւ գիտութեան զարգացման գործով Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դերը:
«6. Այս փոփոխութիւններուն կարեւորութիւնը անտեսող կամ ազգային օրակարգը հեգնող ցանկացած պաշտօնեայ պէտք է օր առաջ հեռացուի իր պաշտօնէն:
«Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակեն բխիլ վերը նշուած պահանջներու կեանքի կոչման հրամայականի տրամաբանութենէն»: