Տուժած Սուրիացիներուն Օգնելը Հայերու Համար Բարոյական Պարտականութիւն է. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստան կը մտահոգուի Սուրիոյ տարածք թրքական ներխուժումով: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Corriere della Sera» թերթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Հայաստանը դատապարտած է զայն եւ կը կարծէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, որպէսզի այսօր Սուրիոյ մէջ գտնուող թրքական ուժերը ետ տարուին թրքական տարածք: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Խօսելով Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ի յայտ եկած փախստականներու խնդրին մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը այս ընթացքին ընդունած է 20 հազար սուրիացի փախստական:

«Բնակչութեան քանակին հետ յարաբերակցութիւնը հաշուի առնելով՝ ընդունած փախստականներու թիւով մենք 3-րդ տեղն ենք: Մենք երեք միլիոն բնակիչ ունինք: Սուրիացի փախստականներուն օգնութեան ձեռք մեկնելը մեզի համար բարոյական առաքելութեան նման բան է: Սուրիան երկիր է, որուն պէտք է օգնել: Մեզի համար ասիկա նախ եւ առաջ մարդասիրական օգնութեան հարց է: Տարուան սկիզբը մեր երկիրը յատուկ առաքելութիւն ուղարկեց այնտեղ՝ բուժանձնակազմ, քաղաքացիական ականազերծողներ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչու սուրիացիներուն օգնելը հայերուն համար բարոյական առաքելութեան նման բան կը համարուի, Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին սուրիացի ժողովուրդը բազմաթիւ հայեր փրկած է կայսրութեան ռազմական ուժերէն:

«Այդ պատճառով այժմ, երբ սուրիացիները կը տառապին, մենք չենք կրնար մէկ կողմ քաշուիլ: Ուրախ եմ, որ կրնանք մեր բարոյական պարտքը հատուցել: Մեր բժշկական անձնակազմը իրականացուցած է բազմաթիւ վիրաբուժական միջամտութիւններ: Սուրիացի շատ կանայք եւ երեխաներ բուժուած են հայ բժիշկներու կողմէ: Ականազերծողներու կողմէ սուրիացի երեխաներու համար ազատուած են տարածքներ, ուր անոնք կրնան ապահով խաղալ»,- աւելցուցած է ՀՀ վարչապետը: