Հայոց Ազատամարտի Մեծ Թիւով Մասնակիցներ Կը Ստեղծեն «Կամաւորական Շարժում» Կազմակերպութիւնը

Հայաստան

Հայոց ազատամարտին մեծ թիւով մասնակիցներ կը ստեղծեն «Կամաւորական Շարժում» հայրենասիրական, բարեգործական, հասարակական կազմակերպութիւնը։

Այս առիթով նախաձեռնող խումբը յայտարարութիւն տարածած է, ուր կը նշուի, որ իւրաքանչիւր հայու սրբազան պարտականութիւնն է հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւնը։ Կազմակերպութիւնը նպատակ ունի պատերազմական իրավիճակի մէջ մասնակցելու երկրի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան պայմաններու մէջ` երկրի բարեկարգման։

«Արդէն իսկ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ունինք համաձայնութիւն նախաձեռնել բանակին կից, բանակի հրամանատարութեան ենթակայ պահեստային ստորաբաժանումներ, որոնք պէտք է կազմուած ըլլան կամաւորութեան հիմունքով` իրենց առօրեայ կեանքով ապրող քաղաքացիներէ:

«Հնարաւոր պատերազմի ժամանակ պահեստայինները այսպէս թէ այնպէս պիտի զօրակոչուին նանակ: Մեր նպատակը` աշխարհազօրի նպատակը, անոնց պատրաստուածութեան բարձր մակարդակի ապահովումն է, որուն հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ պարբերական ուսուցողական հաւաքներու միջոցով: Նման հաւաքներու ժամանակ քաղաքացիները պէտք է կատարելագործեն իրենց մարտական հմտութիւնները եւ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ ըլլան իրենց ստորաբաժանումներով, իրենց վերապահուելիք դիրքերուն մէջ հնարաւորինս արագ եւ առաւել արդիւնաւէտ իրականցնել Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, աւելցնելով, որ խաղաղութեան պայմաններու մէջ աշխարհազօրը պիտի մասնակցի երկրի բարեկարգման ուղղուած այն բոլոր աշխատանքներուն, ուր յաւելեալ մարդուժի կարիք կայ:

«Այսօր երկրին մէջ առկայ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը աւելի ու աւելի է կարեւոր կը դարձնէ այնպիսի նպատակներու եւ արժէքներու շուրջ համախմբումը, որոնք ամուր հիմքերու վրայ կը դնեն Հայրենիքի անվտանգութիւնը»:

Կոչ կը կատարուի բոլորին անդամագրուելու Կամաւորական Շարժում կազմակերպութեան կամ նախաձեռնել նոյնանման կազմակերպութիւններ։

Կազմակերպութեան անդամագրուիլ ցանկացող բոլոր հայրենակիցները կրնան դիմել կազմակերպութեան նախաձեռնող խումբին (հասցէն` Հանրապետութեան 30, ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան կեդրոն, Արտաշէս Մխիթարեանին, հեռախօս 099640740 ել. հասցէ [email protected])»: