Հալէպի Շարք մը Թաղամասեր Ենթարկուած են Բուռն Հրթիռակոծման. Արձանագրուած է՝ 7 Զոհ, 40 Վիրաւոր

Աշխարհ

Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի զանազան թաղամասերը։

«Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ Հալէպի ոստիկանութենէն յայտնած են, որ Հալէպի արեւմտեան շրջանին ու հիւսիսարեւմտեան գիւղերուն մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բուռն հրթիռակոծման ենթարկած են Հալէպի Աազամիէ, Ճեմիլիէ, Սէյֆ Ատտաուլէ, Հալապ Ճատիտէ եւ Համտէնիէ թաղամասերը։ Հրթիռներ ինկած են բնակարաններու եւ բանուկ հրապարակներու վրայ։ Արձանագրուած է 7 զոհ եւ 40 վիրաւոր։

Վիրաւորները փոխադրուած են Ռազի եւ Ռաշտին հիւանդանոցներ։