
ՀՀ Կառավարութիւնը Որոշում Ընդունած է Ատրպէյճանէն Բռնագաղթած Ընտանիքներու Բնակարանային Խնդրի Լուծման Վերաբերեալ
Նոյեմբեր 21-ին տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ 1988-1992 թթ. Ատրպէյճանէն բռնագաղթած` բնակարանի առաջնահերթ կարիք ունեցողները մշտական օթեւանով ապահովելու նպատակով կառավարութիւնը ընդունած է համապատասխան որոշում: Ըստ հիմնաւորման՝ բազմաթիւ փախստականներու բնակարանային հարցերը դեռ կը մնան չլուծուած: Կառավարութեան 2004-ի որոշումով հաստատուած Ատրպէյճանէն բռնագաղթուած անձերու բնակապահովութեան առաջնահերթ ծրագիրի իրականացման նպատակով՝ 2005-էն պետական պիւտճէին մէջ նախատեսուած են համապատասխան միջոցներ: 2009-էն ետք՝ ծրագիրի իրականացման համար պետական պիւտճէի մէջ գումարներ չեն նախատեսուած: Ըստ 2013-ի տուեալներուն՝ ծրագիրին ծիրէն ներս հաշուառուած է 895 ընտանիք, որուն 641-ը Երեւանի եւ 254-ը մարզերու մէջ համարուած են առաջնահերթ կարիքաւորներ: Հաշուի առնելով պահանջուող նիւթական միջոցներու բաւականաչափ մեծ ծաւալը՝ նպատակայարմար համարուած է անոնց բնակարանային ապահովութեան խնդիրը լուծել ոչ թէ մէկ ընդհանուր ծրագրի ծիրէն ներս, այլ զայն տարանջատել ըստ առաջնահերթութեան եւ փուլերու` մշակելով առանձին համապատասխան ենթածրագրեր: Այսպիսով, կը նախատեսուի լուծել 112 ընտանիքի 30 տարուան վաղեմութիւն ունեցող բնակարանային խնդիրը. հաստատուած է բնակարաններու գնման վկայագրերու տրամադրման կարգը եւ պայմանները: Այդ նպատակին համար պիտի յատկացուի շուրջ 1,5 միլիառ դրամ: Վկայագրերու տրամադրումը կը նախատեսուի իրականացնել այդ ընտանիքներուն հետ պայմանագրեր կնքելու միջոցով: Վկայագրի միջոցով բնակարանի (բնակելի տան) ձեռքբերման ժամկէտը պիտի սահմանուի 1 տարի՝ առանց ժամկէտի երկարաձգման հնարաւորութեան: Այդ ընտանիքներու բնակարանային խնդրի լուծման համար կը նախատեսուի առաջին փուլով առաջնորդուիլ ըստ Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու, ինչպէս նաեւ ընդգրկել մասնաւոր սեփականութիւն հանդիսացող, սակայն Ատրպէյճանէն բռնագաղթած ընտանիքներու կողմէ զբաղեցուած կացարանները:
Տիգրան Աւինեան՝ անդրադառնալով ընդունուած որոշման, նշած է. «Այս պարտաւորութիւնը պետութիւնը ստանձնած է շատ կանուխ, եւ փաստացի 10-11 տարի որեւէ քայլ այս ուղղութեամբ չէ իրականացուած: Ասիկա առաջին քայլն է: Ես նոյնպէս հանդիպած եմ այդ ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն հետ. անոնք կ՝ապրին բաւական ծանր պայմաններու մէջ: Կը կարծեմ՝ փուլ-փուլ այս բոլոր խնդիրները պէտք է լուծենք, այլ խօսքով՝ հին պարտքերը մենք պէտք է անպայման մարենք»: