ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի

Հայաստան

 «Թէեւ ՀՅԴ ՀԵՄ բողոքի ցոյցը եւ նստացոյցը կը շարունակուին, իսկ դասադուլը  ոչ թէ կը դադրի, այլ դադար կու տանք․ Ատոնք տարբեր բաներ են. այսօր Yerkir.am-ին  յայտնեց ԵՊՀ ուսանող Գէորգ Գիւլումեան` անդրադառնալով շարք մը լրատումիջոցներու տարածած այն տեղեկութիւններուն, թէ որոշուած է ընդհանրապէս դադրեցնել դասադուլը:

«Չեմ գիտեր, թէ ինչու մամուլի մէջ այդպէս մեկնաբանած են մեր ըսածը: Մենք ընդամէնը երեք օրով դադար կու տանք, որ կապուած է նաեւ մեր դասախօսներու կոչերուն հետ: Բացի այդ` մենք ԵՊՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին եւ գիտական խորհուրդի կազմին նամակ-դիմումներ ուղղած ենք եւ կ՛ակնկալենք ստանալ այդ երկու մարմիններու արձագանգն ու դիրքորոշումը` կապուած Արայիկ Յարութիւնեանի, մեղմ խօսքով, ոչ յղկուած պահուածքին հետ, որ ան դրսեւորեց դասախօսներոի հետ հանդիպման ժամանակ»,- ըսած է ան:

ԵՊՀ ուսանողը շեշտեց, որ չեն դադրեցներ դասադուլը, իրենց պահանջները չեն փոխեր:

«Մենք պիտի շարունակենք տէր կանգնիլ մեր լեզուին, մշակոյթին, գրականութեան: Կը ցաւիմ, որ մամուլին մէջ իմ`  քանի մը րոպէ տեւած խօսքէն կը կտրեն միայն այն հատուածը, ուր ես ըսած եմ, որ կը դադրեցնենք դասադուլը երեք օրով. Ատիկա բովանդակութենէն կտրուած խօսք է: Մեր բողոքը եւ պայքարը պիտի շարունակուի», – նշեց Գիւլումեան:

Ան ողջունեց Հիւսիսային համալսարանի ուսանողներուն, որոնք նոյնպէս դասադուլ յայտարարած են եւ միացած այլ ուսանողներու ու կը միանան նախարարութեան առջեւ նստացոյց ընող ՀՅԴ ՀԵՄ անդամներուն:

«ԵՊՀ-ի մէջ ցնծութեամբ ընդունեցին այդ լուրը: Կոչ կ՛ընենք այլ համալսարաններու մէջ ուսանող մեր միւս ընկերներուն, սերնդակիցներուն` միանալու այս պայքարին, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընենք բոլոր համալսարաններու ներկայիս եւ նախկին դասախօսական կազմին, մտաւորականներուն` կանգնելու երիտասարդութեան կողքին եւ այս պայքարը հասցնելու դրական աւարտի»,– ըսած է ան:

Ըստ Գիւլումեանի` դասադուլը պիտի վերսկսի Երկուշաբթի, իսկ մինչ այդ հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով: Ուսանողական շարժման ներկայացուցիչները, ըստ անոր, կը պատրաստուին նաեւ տարբեր ձեւաչափերով հանդիպումներ ունենալու ԵՊՀ գիտական խորհուրդի անդամներուն, Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու ուսանողական կառոյցներու եւ ղեկավարներուն հետ: