ԱՄՆ Քոնկրեսականները Կոչ Կ՛ընեն Հաւասարաչափ Ռազմական Օգնութիւն Տալու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամներ Ճեքի Սփիեր, Ֆրանք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ Նոյեմբեր 18-ին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին յղած են նամակ մը, ուր կրկին մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանին ու Ատրւպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան անհամաչափութեան խնդրով, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին իրենց առաջին նամակին պատասխանելու եւ այս հարցին շուրջ անձնակազմի անդամներու մակարդակով աշխատանքային հանդիպման համար` քոնկրեսականները կ՛ընդգծեն, որ կը շարունակեն մտահոգուած մնալ այս երկու երկիրներու միջեւ ռազմական օգնութեան չափերու հարցով: Նամակին մէջ քոնկրեսական Շիֆ, Սփիեր ու Փալոն համաձայն չեն ԱՄՆ ԱԳ նախարարին այն պնդումին, որ 102 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին չի խաթարեր ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացն ու որեւէ կերպով Հայաստանի դէմ ռազմական յարձակման ժամանակ չ՛օգտագործուիր:

Նամակին մէջ քոնկրեսականները փաստած են, որ Ատրպէյճանի ռազմական ներուժը վերջին տարիներուն անընդհատ կ՛աճի: Անոնք ընդգծած են, որ ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ Ատրպէյճանին ա՛լ աւելի մեծցնել ռազմական ներուժը եւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակում իրականացնելու հնարաւորութիւնը:

«Կասկած չկայ, որ Ատրպէյճանին անվտանգութեան ոլորտին մէջ յատկացուող օգնութեան մեծացումը անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ եւ կ՛անտեսէ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան մէջ քսանամեայ նախադէպը»,- կը նշեն անոնք նամակին մէջ` շեշտելով, որ ռազմական օգնութեան համաչափ տրամադրումը միակ ճանապարհն է, որով ԱՄՆ-ը կրնայ պահպանել տարածաշրջանային գերտերութեան հեղինակութիւնը, որ կրնայ հաշտեցնել Ատրպէյճանն եւ Հայաստանը:

Անոնք կոչ կ՛ընեն ԱԳ ու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն Հայաստանի համար կազմակերպելու համապատասխան դասընթացներ եւ տրամադրելու սարքաւորումներ` գործընկերային ներուժը մեծցնելու համար: Ատիկա պիտի օգնէ անվտանգ դարձնել սահմաններն ու ռազմական հաւասարութիւն ստեղծել, կը նշուի նամակին մէջ։ Անոնք նաեւ կը խնդրեն այս հարցի շուրջ հանդիպում կազմակերպել ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամներուն ու համապատասխան նախարարութիւններու պատասխանատու պաշտօնեաներուն միջեւ: