«Սպայկա»ն Իր Թաքցուցած Հարկային Պարտաւորութիւնները Ընդունելով Ազատուած Է Քրէական Հետապնդումէ
Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) քննչական վարչութեան գիւղատնտեսական մթերք արտահանող «Սպայկա» ընկերութեան կողմէ հարկային պարտաւորութիւններու պակաս հաշուարկման առթիւ բացած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին ընկերութեան կողմէ ինքնուրոյն հաշուարկուած են թերյայտարարագրուած հարկային պարտաւորութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ հարկային մարմին ներկայացուած են ճշգրտուած համապատասխան հաշուարկներ:
Ըստ “Հետք”-ի՝ Պետեկամուտներու կոմիտէն այս քրէական գործով որոշում կայացուցած է «Սպայկա»-ի նկատմամբ քրէական հետապնդում չիրականացնել:
