
«Ձեզ Չենք Ընդունիր, Հեռացի՛ր». Ֆրանսահայ Երիտասարդները` Արայիկ Յարութիւնեանին
Ֆրանսահայ դաշնակցական երիտասարդները ՀՀ վարչապետին հետ Ֆրանսա այցելած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին դիմաւորած են անոր հրաժարականը պահանջող պաստառներով եւ կարգախօսներով։ Անոնք այդպիսով զօրակցութիւն յայտնած են նաեւ Հայաստանի մէջ շուրջ մէկ շաբաթ առաջ սկսած ուսանողական շարժումին: Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը:
Յիշեցնենք` արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր Երեւանի մէջ կ՛ունենայ համաուսանողական բողոքի ցոյց:
Ուսանողները յայտարարած են, որ կը պահանջեն ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը, քանի որ ան ապազգային քաղաքականութիւն կը վարէ։