«Կլենտէյլ Էտվենթիսթ»-ի Դէպի Հայաստան Եւ Արցախ Առաքելութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Բազմաթիւ հայորդիներ, երիտասարդ եւ տարեց, վայելեցին «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի մէկշաբաթեայ բժշկական առաքելութեան կամաւոր մասնակցողներուն մատուցած անվճար սպասարկութիւնները։

«Բուժելու ջանքերուն մեր նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր համայնքներուն եւ աշխարհի տարածքին կարիքաւորներու բժշկական կայուն ծառայութիւններ տրամադրելու փափաքը մաս կը կազմէ Աստուծոյ սիրով ապրելու մեր հաւատքին»,-“Ասպարէզ”-ի փոխանցմամբ՝ կը յայտնէ Ալիս Իսայի, որ «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի նախագահն է եւ որ այս տարի երկրորդ անգամն ըլլալով մասնակցեցաւ այս առաքելութեան։

Դէպի Արցախ այս առաքելութիւնը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր նշեալ հաստատութեան համար, որ այս տարի զուգահեռաբար նաեւ իրականցուց դէպի Հայաստան իր հինգերոդ բժշկական առաքելութիւնը։

Այս տարուան զոյգ առաքելութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 հոգինոց բժշկական կազմ մը, որ Ստեփանակերտի եւ Հայաստանի մէջ հիւանդներու քննութիւններ եւ դարմանումներ կատարելու կողքին, առիթը ունեցաւ այցելելու Արցախի 8 հեռաւոր գիւղեր, առողջապահական կենսական ծառայութիւններ հասնցելով մօտաւորապէս 500 գիւղացիներու, որոնք դժուարութիւններ ունին նման սպասարկութիւններ ստանալու։

Առաքելութեան ընթացքին նաեւ կարելի եղաւ իրականացնել զանազան տեսակի առաւել քան 100 վիրաբուժութիւններ, իսկ Հայաստանի քաղցկեղի մասնագէտներ առիթը ունեցան այցելու մասնագէտներուն հետ խորհրդակցելու քաղցկեղէ տառապող մօտաւորապէս 200 հիւանդները դարմանելու լաւագոյն կարելիութեանց շուրջ։

Խումբին մանկաբոյժերը նաեւ մօտաւորապէս 200 նորածիններու բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրեցին։

Հետաքրքրական էր յատկապէս սիրտի բարդ հիւանդութենէ մը տառապող 27ամեայ երիտասարդի մը պարագան, որ հակառակ իր առողջական վիճակին, պարտադրուած էր հոգ տանելու իր հիւանդ հօր եւ երեխաներուն։ Քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ ան անմիջական կարիքը ունէր սիրտի գործողութեան եւ կարելի եղաւ այդ մէկը իրականացնել Երեւանի վիրաբուժական մէկ կեդրոնին մէջ, «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ»-ի եւ Արցախի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ։

Նշենք, որ ինչպէս միւս առաքելութեան մասնակիցները, այս տարուան խմբակին մաս կազմողները կամաւորապէս տրամադրեցին իրենց սպասարկութիւնները, նոյն ժամանակ վճարելով իրենց ճամբորդութեան ծախսերը։

«Նաեւ առաքած էինք աւելի քան 7 թոն բժշկական սարքեր, գործիքներ եւ դեղեր, որոնք մեր ժամանումէն անմիջապէս առաջ տեղ հասած էին», կը յայտնէ Ալիս Իսայի, աւելցնելով, որ անոնց մէկ մասը նուիրուած էր, իսկ մնացեալը կարելի եղած էր գնել՝ շնորհիւ շարք մը նուիրատուներու, որոնց նպաստը այսպիսով կարելի եղած է ուղղակիօրէն Արցախ հասցնել։

«Կլենտէյլի համայնքը եւ մեր գործակիցները իրաւունք ունին հպարտանալու, որ ուղղակիօրէն կրցան նպաստել Արցախի ժողովուրդին»,- եզրակացուց ան։

Առաքելութեան իրականացման մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, որ առաքումները հեզասահօրէն իրականացնելու կողքին, «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնին հետ մօտէն գործակցելով՝ ապահովեց առաքելութեան սահուն ընթացքը։