ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Արցախի Անկախութեան Տօնին Առթիւ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով ուղերձ յղած է։ Ստորեւ ուղերձը․

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի անկախութեան տօնին առթիւ: Արցախի ժողովուրդը իր ընտրութիւնը կատարեց պատմական շատ բարդ իրավիճակի մէջ` հռչակելով անկախութիւն:

Անցած 27 տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը անցաւ պատերազմներու, աւերներու, մարդկային կորուստներու եւ բազում այլ ծանր փորձութիւններու մէջէն: Բայց, այդ ամէնով հանդերձ, Արցախի Հանրապետութիւնը կայացաւ: Արցախի Հանրապետութեան անցած 27 տարիները ոչ միայն հերոսական պայքարի, այլեւ մեծ յաջողութիւններու եւ ձեռքբերումներու պատմութիւն են:

Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ ուս-ուսի` Արցախը այսօր կը շարունակէ ապրիլ ու զարգանալ: Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը Հայաստանի մէջ եւս մէկ վկայութիւնն  է հայոց ազատասէր ոգիի եւ անկոտրում կամքի: Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը այսօր աւելի ուժեղ են, որովհետեւ աւելի միասնական են եւ աւելի ազատ:

Մարդու ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու ազգի ազատութիւնը մեզի համար անբաժանելի եւ անբեկանելի արժէքներ են: Արցախի Հանրապետութեան եւ Արցախի հասարակութեան բազմակողմանի զարգացումը ողջ հայութեան կարեւորագոյն նպատակներէն եղած է եւ այսուհետեւ եւս պիտի ըլլայ:

Արցախի անվտանգութիւնը մեր ամենօրեայ ուշադրութեան տակ է: Արցախի ճակատագիրը համայն հայութեան գուրգուրանքի առարկան է: Այդպէս պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չենք յանգած խնդրի խաղաղ եւ արդարացի լուծման:

Սիրելի՛ արցախցիներ,

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս գեղեցիկ տօնի կապակցութեամբ:
Գլուխ կըմ խոնարհեմ Արցախի ազատութեան համար զոհուածներու յիշատակին առջեւ:
Կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, արդար վաստակ եւ ամենայն բարիք:

Կեցցէ՛ ազատութիւնը:
Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը: