
Յունաց Ազգային Տօնին Առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներու Տողանցքներ
Կը տեղեկացնենք, թէ Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2019-ին յունաց ազգային տօնին առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղերու խումբերը պիտի տողանցեն Նէա Զմիռնիի եւ Նիքէայի մէջ հետեւեալ կերպով՝
Աթէնքի մասնաճիւղ՝ Նէա Զմիռնիի «Այիա Ֆոթինի»
պողոտային վրայ, առաւօտեան ժամը 11։00-ին։
Գոքինիոյ մասնաճիւղ՝ Նիքէայի «Օսիա Քսէնի»
հրապարակին վրայ, առաւօտեան ժամը 11։00-ին։
Կը հրաւիրենք ծնողները եւ փափաքող հայրենակիցները ներկայ ըլլալու տողանցքներուն եւ քաջալերելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու մասնակցութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական շրջանային խորհուրդ