Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի Մէջ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին Պիտի Մասնակցի

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 25-ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն:

Մոսկուայի մէջ ՀՀ վարչապետը պիտի մասնակցի Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը վարչապետը պիտի վերադանայ Երեւան: