Իւրաքանչիւր Նահատակի Յիշատակին՝ Մէկ Սօսենի

Հայաստան

Արցախի մէջ յառաջիկայ տարուան Ապրիլ 2-լն պիտի սկսին սօսիներու պուրակի հիմնադրութեան աշխատանքներ, ուր անուանական ծառեր պիտի տնկուին՝ ի յիշատակ արցախեան ազատամարտին եւ անոր պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած մարտիկներուն:

Այս մասին յայտարարեց Արցախի նախկին վարչապետ եւ պետական նախարար, Ազատ հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Քաշաթաղի շրջանի Դիսմայրի համայնքի տարածքին մէջ գտնուող, Կովկասի մէջ միակը նկատուող սօսիի պուրակին մէջ կազմակերպուած նախաձեռնութեան ընթացքին:

Նման նախաձեռնութեան համար ընտրուած վայրին մասին խօսելով՝ Յարութիւնեան ըսաւ. «Աւանդազրոյցի համաձայն՝ այդ պուրակը հիմնուած է Աւարայրի մէջ զոհուած հայորդիներու յիշատակին: Չեմ գիտեր՝ առասպելը որքանով կը համապատասխանէ իրականութեան, բայց, կը կարծեմ, կարեւորը ատոր խորհուրդն է, որ հազար հինգ հարիւր տարի մեր ժողովուրդը փոխանցած է սերունդէ սերունդ…»։

Անոր համաձայն՝ ընտրուած է ծառ տնկելով յաւերժացնել նահատակներուն յիշատակը, որովհետեւ քարաշէն ոչ մէկ կառոյց կրնայ այնքան երկար կեանք ունենալ, որքան սօսենին կամ, ինչպէս Արցախի մէջ կը կոչեն, տնջրին, որ նաեւ վերարտադրուելու յատկութիւն ունի:

«Իւրաքանչիւր զոհուած ազատամարտիկի ու զինուորի յիշատակին անուանական տունկը պիտի կատարէ իր ընտանիքի ներկայացուցիչը: Իսկ հարազատներ չունեցողներուն եւ մեր հողին համար զոհուած այլազգիներու յիշատակը պիտի յաւերժացնենք բոլորս միասին՝ անոնց փոխարէն այդ ծառերը տնկելով:

«Նախնիներու օրինակով վերագնահատենք մե՛ր արժէքները եւ փոխանցե՛նք մեր սերունդներուն…»,- նշեց Յարութիւնեան: