Քաթալոնական Սանթ Հիլըրի Սագալմ Քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Քաթալոնական Սանթ Հիլըրի Սագալմ քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը: «Քաղաքային խորհուրդին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրանքով դիմած էր Քաթալոնիոյ «Արարատ» հայկական միութիւնը»,- կը տեղեկացնեն դեսպանութենէն: