Դամասկոսի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Վերադարձան Վերանորոգուած Իրենց Վարժարանը

Սփիւռք

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14-ի առաւօտուն, վերանորոգուած Ազգային Միացեալ վարժարանը իր դռները լայն բացած՝ գրկաբաց ընդունեց իր սիրելի աշակերտները: Այս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, պատկան մարմինին եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ աշակերտները դպրոցի շրջափակին մէջ սուրիական քայլերգը հնչեցուցին եւ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, ապա երգեցին «Միացեալ»-ի քայլերգը, որմէ ետք տնօրէնուհին բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն՝ ըսելով. «Սիրելի՛ աշակերտներ, բարի եկած էք ձեր երկրորդ տունը՝ արդիական ոճով վերանորոգուած եւ կահաւորուած այս լոյսի տաճարը: Դպրոցին երկյարկանի շէնքը օժտուած է առողջապահական դասարաններով եւ ընդարձակ շրջափակերով: Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններէն իւրաքանչիւրը օժտուած է իրեն յատուկ գրադարանով եւ տարրալուծարանով: Առողջ միջավայր ընձեռուած է ձեզի, որպէսզի ունենաք հեզասահ եւ արդիւնաւէտ ուսումնական տարեշրջան մը» : Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին վարժարանի վերանորոգման ծրագիրը յաջողցնելու համար:

Այնուհետեւ, աշակերտները տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն հետ շրջագայեցան դպրոցի տարբեր բաժինները, ապա բարձրացան իրենց դասարանները՝ եռանդով եւ խանդավառութեամբ շարունակելու իրենց ուսումնական տարեշրջանը: