«Աւրորա»-ի Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Հայաստան

«Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները Հոկտեմբեր 20-ին, այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Աւրորա»-ի ֆէյսպուքեան էջէն:

«Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան-հիմնարկ այցի ընթացքին «Աւրորա» համաժողովի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «էյ Թի Փի» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համատեղ ջանքերով իրականացուեցաւ «Յիշատակի ծառատունկ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: