Սրբագրենք….Դեռ ուշ չէ

Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

Գամիշլիէն՝ Բժշկհ. Մարի Մելքոնեանի մտորումները

Ճէզիրէի տագնապալի իրավիճակը, անկայուն ու վտանգաւոր իրադարձութիւնները, ազգային դպրոցներուն մութ ապագան եւ հայերուն շարունակուող գաղթը՝ դէպի համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններ, հարց կուտան ինծի, թէ ո’րն է արդեօք ներկայիս հիմնականը եւ կարեւորագոյնը՝ իրարու սխալները մատնանշելով քմծիծաղիլ եւ սխալողը նուաստացնելով «բարձրանա՞լ», կամ սրբագրելով սխալը եւ միասին բարձրանալ…

Մեր շրջապատին մէջ կան շատեր, որոնք կը փորձեն պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալ. անոնք խոշորացոյցը բռնած, տան մէջ հանգիստ նստած, սխալներ կը փնտռեն, այս կամ այն յօդուածին կամ թղթակցութեան մէջ, նպատակը սրբագրե՞լ է …

Իրենք զիրենք դատաւոր նշանակող եւ իրենց դիմատետրի հետեւորդներն ալ զուարճացնող հանդիսատեսները, որոնք կարծես թէ իրավիճակէն  բոլորովին անտեղեակ են, հետաքրքրուած են միայն, (ռումբը)պէտք է ռ -ով գրուի, ոչ թէ ր-ով եւ ըսելով, որ նման ոճրագործութիւն ընողը պէտք է ռմբակոծուի, իր մեկնաբանութեան կցելով ծիծաղող դէմքեր …

Գամիշլիէն -Տէրիք երկարող մօտաւորապէս երկու ժամուայ ճամբան, այս օրերուն շատ վտանգաւոր կը նկատուի. այս մէկը գիտնալով
հանդերձ, Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը որոշեցին այցի երթալ Տէրիք՝
մօտէն հետեւելու տեղի հայութեան իրավիճակին…. Այս նիւթը արդեօք կրնայ ազնիւ հայու մը համար ծիծաղի առարկայ դառնալ …շարադրական կամ ուղղագրական սխաներու պատճառով…. Տղաքը, որոնք ընկերակցեցան պատուիրակութեան, իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով արդեօք քմծիծաղի՞ արժանի էին …. ոչ մէկ ուղղագրական սխալ կրնայ համազօր ըլլալ այս նախաձեռնութեան վսեմութեան եւ տղոց զոհողութեան …..

Սրբագրենք, բայց պարկեշտօրէն, նախ սրբագրենք մեր հոգիները, առանց նսեմացնելու արծարծուած նիւթը ….. Գամիշլիէն Տէրիք գացողները հերոսներ են, իսկ սխալ սրբագրողները…….. մեծ տարբերութիւն կայ… դուք որո՞ւն  (0 ) նշանակած էք, մեր հոգն  ալ չէ այդ ոչնչութիւնը,  որովհետեւ Տէրիքի հայութիւնը մեզի արդէն 10 դրած էր՝ չնկատելով նոյնիսկ ձեր սրբագրութիւնները ….

Եթէ ձեր մտահոգութիւնը հայերէնի անաղարտութիւնն է, գրեցէք մեզի եւ մենք կ’ուղղենք, ծաղրի առարկայ դարձնելէն առաջ ալ գիտակցեցէք, որ մենք մասնագէտներ չենք, կ’ընենք այն ինչ կրնանք ընել, կամաւոր կերպով եւ մեր ընտանիքին ու զաւակներուն քիչ ժամանակ տրամադրելու գնով։

Սրբագրենք, այո’, բայց նախ սրբագրենք մեր մտածելակերպը՝ սիրելով սրբագրենք։
Սխալը սրբագրելը գիտութիւն է, իսկ սխալողը ազնուաբար ուղղելը վեհանձնութիւն:
Մեր թշնամին հիմա Թուրքն է, իրեն համար (ռումբը), ինչպէս կը գրուի կարեւոր չէ, կարեւորը մարդ սպաննէ … բայց դժբախտաբար ոմանց համար մարդու մահն անգամ կարեւոր չէ, կարեւորը (սպաննել) բառը ճիշդ հոլովելն է….