Հայ Դատը Կը Շեշտէ Ամերիկա-Հայաստան Յարաբերութեանց Սերտացման Կարեւորութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայաստանի մէջ բարեկարգումներու նուիրուած՝ «Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողով»-ին (որ ծանօթ է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Հելսինքիի յանձնաժողով անունով) քննարկումներու նախօրեակին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յանձնաժողովին ներկայացուց զեկուցում մը, որուն մէջ կը շեշտուի Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութեանց սերտացման կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու ամրանպնդման աշխատանքներուն համար։

Յանձնաժողովին քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22 -ի յետմիջօրէին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեանի հեղինակած զեկուցումին մէջ կը տրուի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեան պատմականը եւ կը շեշտուի Հայաստանի վերանկախացումէն ետք այդ յարաբերութեան սերտացման բերած դրական արդիւնքները։

Լուսարձակի տակ կ՛առնուի յատկապէս անցեալ ամիս վաւերացուած Ճեքի Սփիրի յառաջ մղած այն յաւելուածը, որ կարելի պիտի դարձնէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020-ի ամավարկով 40 միլիոն տոլարի ամերիկեան յաւելալ աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին՝ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման նպատակով։