Հայաստանի Մէջ YMCA-ի Մարդասիրական Գործունէութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայ Ազգային հիմնարկին (ANI) եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին համագործակցութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը եւ համալսարանին Հայ ուսանողական միութիւնը պիտի իրականցնեն 1918-1920 տարիներուն, Հայաստանի մէջ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու տղամարդոց միութեան (YMCA) կողմէ իրականացուած մարդասիրական գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը։

Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերին, կ.ե. ժամը 3-5, համալսարանին «Ուեսթ» ցուցադրասրահին մէջ։