
Սուրիոյ Մէջ Հայկական Առաքելութեան Խումբը Հալէպի Զինուորական Հիւանդանոցին Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած է
Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ` Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Զինուորական հիւանդանոցին փոխանցուած են բժշկական պարագաներ, կը յայտնեն մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:
Սուրիական զինուորական հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է հայ բժիշկներուն` ոչ միայն իրենց տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, այլ նաեւ Հայկական ծերանոցին, Դարմանատուն ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններուն ամենօրեայ կարգով ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար:
Զինուորական հիւանդանոցի տնօրէն, զօրավար Ֆայէզ Այուպիի խօսքով` հայաստանցի եւ սուրիացի բժիշկներու միասնական ջանքերով կ՛օգնեն պատերազմէն տուժածներուն։ «Մեր հայ գործընկերները մարդասիրութեամբ, մարդկայնութեամբ եւ արհեստավարժ կերպով ամէն օր կ՛օգնեն Սուրիոյ ժողովուրդին: Ազգովին կը գնահատենք այս կարեւոր քայլը, որ մեզի համար դժուար իրավիճակի մէջ հայերը կանգնեցան մեր կողքին»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ առողջապահական մարմիններուն` մշտական աջակցութեան համար: