Հայաստան Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի Անդամ

Աշխարհ, Հայաստան

193 երկիրներու քուէարկութեամբ Հայաստան 144 ձայնով ընտրուեցաւ ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամ 2020-2022 թուականներու համար, կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը: Հայաստանը յանձնառու է աշխատելու եւ համագործակցելու բոլոր գործընկերներուն հետ մարդու իրաւունքներու օրակարգը խթանելու ուղղութեամբ:

Լուրին անդրադաձած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ըստ անոր` սա մեր երկրի նկատմամբ միջազգային հանրութեան շատ մեծ վստահութեան վկայութիւնն է, յատկապէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: