Ես Լիովին Կ՛ոչնչացնեմ Ու Կը Կործանեմ Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը. Թրամփ

Աշխարհ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է, որ պիտի ոչնչացէ ու կործանէ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։

«Ինչպէս ես նախապէս խստօրէն պնդած եմ, ուղղակի յիշեցման կարգով կ՛ըսեմ, որ եթէ Թուրքիան ընէ որեւէ բան, որ ես, իմ մեծ եւ անմրցելի իմաստութեամբ, համարեմ սահմաններէն դուրս`  լիովին կ՛ոչնչացնեմ եւ կը կործանեմ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը (ես ատիկա նախապէս ալ ըրած եմ): Անոնք, Եւրոպան եւ մնացածը պէտք է ուշադիր ըլլան…»։