Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Օրէնք է Ստորագրած Թուրքիոյ Մէջ Ներդրումների Արգելքի Մասին

Աշխարհ

Հոկտեմբեր 3-ին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կավըն Նիւսըմ օրէնք ստորագրած AB 1320 նախագիծի ընդունման մասին, որմով Քալիֆորնիոյ հանրային կենսաթոշակային հիմնադրամին կ՛արգելուի Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարել:

Նահանգապետին խօսքով` Քալիֆորնիան կողմ  է արդարութեան եւ կը յիշէ 1,5 միլիոն մարդիկ, որոնք սպաննուած են 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, կը յայտնէ News.am-ը:

Արարողութեան մասնակցած է օրինագիծին հեղինակ, Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական մարմինի անդամ Ատրին Նազարեան: Ան նշած է, որ Քալիֆորնիան, ըլլալով մեծութեամբ 5-րդ տնտեսական կեդրոնը, այս օրինագիծը ստորագրելով` Թրամփին ուղղակիօրէն կ՛ըսէ՝ դադրեցնէ «Ցեղասպանութեան ժխտման իր կեղծ արշաւը»:

Նշենք, որ այս փաստաթուղթով կ՛առաջարկուի կենսաթոշակային հիմնադրամին արգիլել Թուրքիոյ մէջ նոր ներդրումներ կատարել եւ դադրեցնել արդէն գոյութիւն ունեցողները: Նախապէս օրինագիծը ընդունած էր ԱՄՆ Ծերակոյտը  եւ ստացած օրէնսդրական մարմինի հաւանութիւնը, հակառակ կենսաթոշակային հիմնադրամներու դժգոհութեան: