
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումին նպատակն էր վեհափառ հայրապետին ցաւակցութիւն յայտնել վեհամօր` Լուսին Քէշիշեանի մահուան առիթով:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած նիւթերու: