Եգիպտական «Եաում Սապեհ» Օրաթերթը Անդրադարձած Է Հայաստանի Վերանկախացման 28-ամեակին

Աշխարհ, Հայաստան

Անցեալ շաբաթ օր եգիպտական «Եաում Սապեհ» օրաթերթը իր կայքին վրայ տեղադրած էր ընդարձակ լուր մը Հայաստանի վերանկախացման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Հետաքրքրական էր նշմարել, որ «28 տարիներ առաջ` այսօր, Հայաստան իր անկախութիւնը կը հռչակէ Խորհրդային Միութենէն» խորագիրը կրող յօդուածը անդրադարձած էր տեղեկութիւններու, լուսանկարներու եւ քարտէսներու, որոնք մանրամասն կը բացատրէին Խորհրդային  Միութենէն Հայաստանի վերանկախացման հոլովոյթը:

Նիւթը կարդալու ընթացքին գոհունակութիւն էր տեսնել, որ «Եաում Սապեհ»-ի խմբագրութիւնը պարկեշտօրէն նշած էր յօդուածին համար իր օգտագործած աղբիւրը, որ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքն էր: