Մամետեարովի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Զոհրապ Մնացականեան Վերահաստատած է Հայաստանի Սկզբունքային Մօտեցումները

Աշխարհ, Հայաստան

Նիւ Եորք մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկի մասնակցութեամբ, Սեպտեմբեր 23-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը։

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացին առնչուող հարցեր եւ գնահատած են ներկայ իրավիճակը։ ՀՀ ԱԳ նախարարը բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գործունէութիւնը:

Քննարկման ընթացքին հայկական կողմը կարեւոր համարած է զինադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրումը՝ ներառեալ համապատասխան մեքենականութիւններու ներդրման եւ ամրապնդման միջոցով։ Ընդգծուած է նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու անրաժեշտութիւնը, ներառեալ՝ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման միջոցով:

Ատրպէյճանի տարածքին կալանքի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն առնչութեամբ՝ հայկական կողմը շեշտած է վերջիններուս հայրենադարձութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Խաղաղ գործընթացի առաջմղման տեսակէտէն նախարար Մնացականեան կարեւոր համարած է կարգաւորման ծիրէն ներս կողմերուն ստանձնելիք յանձնառութիւններու համաչափութեան ապահովումը՝ վերահաստատելով գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները։

Կողմերը նախանշած են այս ուղղութեամբ յետագայ քայլերը, ինչպէս նաեւ համանախագահներու այցը տարածաշրջան եւ մօտ ժամանակներս ԱԳ նախարարներու մակարդակով հերթական հանդիպման իրականացումը։