
Զոհրաց Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահներուն Հետ
ՄԱԿ Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Սեպտեմբեր 23-ին, հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովի (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրչիկի հետ:
ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ զրուցակիցները անդրադարձած են Յունիս 20-ի ուաշինկթընեան հանդիպումէն ետք զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակին եւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման հնարաւորութիւններուն:
ՀՀ ԱԳ նախարարը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները մտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու կայանալիք հանդիպման շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են համանախագահներու օրացոյցին մէջ նախատեսուած յառաջիկայ քայլերուն: