Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ Կազմակերպուած է Ռազմական Սարքերու եւ Սպառազինութեան Ցուցահանդէս

Հայաստան

Այսօր` Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած է ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան ցուցահանդէս:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ցուցահանդէսին Նախագահ Բակօ Սահակեանը պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ շրջած է տաղաւարները ու ծանօթացած ներկայացուած արտադրանքին եւ սեփական արտադրութեան նոր զէնքերու նմուշներուն:

ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեան ըսած է, որ ցուցադրութեան նպատակն է հանրութեան ներկայացնել զինուած ուժերուն մէջ առկայ նոր նմուշները եւ խթանել տեղական արտադրանքը:

«Սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշները պիտի յագեցնեն առաջնագիծը եւ պիտի բարձրացնեն զօրքի կենսունակութիւնը: Սպառազինութեան որոշ տեսակներ արդէն փորձարկուած են, որոշներն ալ դեռ փորձարկման մէջ են: Մեր սպաներն ու զինուորները գոհ են այն տեսակներէն, որոնք գործնականօրէն կը կիրառուին: Վստահ ենք, որ յառաջիկային մեր բանակը պիտի համալրուի արդիականացուած սպառազինութեամբ եւ նոր զէնքերով»,- մանրամասնած է  Աբրահամեան:

Վերածնունդի հրապարակին վրայ բացուած է նաեւ դաշտային խոհանոց` համերկրացիներուն եւ հիւրերուն հնարաւորութիւն տալով համտեսելու  զինուորական ճաշ: