ՀԱՊԿ-ին Եւ ԵԱՏՄ-ին Ատրպէյճանի Անդամակցութեան Հարց Դիտարկելու Պարագային Հայաստան Պիտի Օգտագործէ Վեթոյի Իր Իրաւունքը. ՀՀ ԱԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Ատրպէյճանի անդամակցութեան հարցը դիտարկելու պարագային Հայաստան պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը:

Օգոստոս 28-ին կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործեց նախարարութեան մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեան` անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տարբեր շրջանակներու մէջ խօսակցութիւններ կը  շրջանառուի ՀԱՊԿ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին Ատրպէյճանի հնարաւոր անդամակցութեան մասին:

«Վերլուծական շրջանակներու մէջ այդպիսի քննարկումներ իսկապէս տեղի կ՛ունենան, բայց այդ շրջանակներու մէջ քննարկումները կ՛իրականացուին ենթադրեալ տեղեկատւութեան հիման վրայ: Ես բարձրաձայնեմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը․ եթէ նման հարց դիտարկուի, Հայաստան պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը»,-  ընդգծեց ան:

Նաղդալեան յստակեցուց, որ ՀԱՊՀ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ որոշումները կը կայացուին համաձայնութեան հիման վրայ: «Մենք այս առումով մեր դիրքորոշումը յայտնած ենք, եւ այդ դիրքորոշումը երկակի մեկնաբանութիւններու տեղիք չի տար: Այդ դիրքորոշումը յստակ բարձրաձայնուած է արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի կողմից»,- եզրափակեց Աննա Նաղդալեան: