Երիտասարդ Ըմբիշները Աշխարհի Առաջնութեան Արծաթէ Մետալներ Նուաճած Են

Այլեւայլ, Հայաստան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական խումբի երկու անդամ դարձած է աշխարհի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀԱՈԿ-ը: 60 քկ քաշային Սահակ Յովհաննիսեանը ըմբշամարտի երիտասարդական աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչին՝ 2։7 հաշիւով՝ պարտուած է Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Քերեմ Քամալէն եւ դարձած արծաթէ մետալակիր:

67 քկ քաշային Շանթ Խաչատրեանը՝ ըմբշամարտի երիտասարդական աշխարհի առաջնութեան՝ նոյնպէս դարձած է փոխ ախոյեան: Եզրափակիչին հայ ըմբիշը՝ 3։6 հաշիւով՝ զիջած է Վրաստանի ներակայացուցիչ, երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան Գէորգի Շոթաձէին։