Հանրային Կարծիքի Ձեւաւորումը Եկեղեցական Միջավայրէն Ներս. Փորձեր եւ Ձեռքբերումներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

80-ական թուականներուն, Լիբանանէն մեկնեցայ Իտալիա, Հռոմ քաղաք։  Մեծ եղաւ զարմանքս երբ անդրադարձայ թէ Իտալիոյ պէս եւրոպական երկրի մը մէջ,  ուր բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կառոյցներ կը փաստեն հայերու ներկայութիւնը,  (Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազարի Մայրավանքը), շատեր տեղեակ չէին «Հայաստան» երկրի մը գոյութեան մասին։

Շատ անգամ երբ մարդոց կը ծանօթանայի ու անոնց կը ներկայանայի ըսելով որ ես  «Հայ եմ» «Sono armeno», շատեր ինծի կը նայէին կարծես թէ առասպելական հեքիաթէ դուրս եկած անձ մը ըլլայի, մինչ  ուրիշներ յանդգնութիւնը կ՛ունենային ըսելու «armeno – ah rumeno» այսինքն «հայ՝ այո Ռումանացի»։

Կը խօսիմ 90-ական թուականներու մասին

Ի տես այս երեւոյթին մի քանի բարեկամներով կը սկսինք պրպտումներ կատարել հասկնալու համար, թէ ի՞նչ էր այդ «անգիտութեան» պատճառները։  Եւ այդպէս է որ կը կարողանանք նկատել, որ դպրոցներու մէջ պատմութեան դասագիրքերէն բոլորովին բացակայ էին հայ, Հայաստան ու հայերու պատմութիւնը յատկանշող բառեր։  Գրադարաններուն մէջ Հայերու մասին իտալերէն լեզուով գիրքեր գրեթէ անյայտ էին եւ ի՞նչ ըսել թերթերուն կամ լրագրողներուն մասին…

Այս մոլորուած իրավիճակին մէջ  մեր օգնութեան կը հասնի այդ ժամանակ նոր ծաւալող «ցանցային» աշխարհը՝ որ տակաւին ամբողջութեամբ «թուային» չէր։

90-ական թուականներու աւարտին կը ստեղծենք «comuntaarmena» անունով կայքը ու կը սկսինք այնտեղ տեղադրել հայերու, հայոց մշակոյթի ու պատմութեան մասին տեղեկութիւններ, միեւնոյն ժամանակ ծնունդ կու տանք իտալերէն լեզուով «Ախթամար»  պարբերաթերթին, որ այսօր Իտալիոյ մէջ գործող միակ հայկական պարբերաթերթն է։

Այս կ՛ընենք այն յոյսով որ կամաց կամաց կարողանայինք ներթափանցել իտալական շրջանակներուն մէջ ու ներգրաւել հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը։

Կայքէջի ստեղծումին առընթեր բախտը կ՛ունենանք ծանօթանալու մի քանի հայասէր լրագրողներուն,  որոնք «վատիկանիստ» էին,  այսինքն վատիկանեան տեղեկութիւններով զբաղող լրագրողներ։

Ձեռք ձեռքի տուած կը սկսինք մեր ռազմավարական քարոզարշաւը, սակայն շուտով ստիպուած կ՛ըլլանք նկատելու որ 60 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ մեր ըրածը ոչ թէ քիչ էր այլ գրեթէ ոչինչ։ Իտալիոյ տարածքին այդ ժամանակուայ հայերու քանակը հազիւ 6 հազարի կը հասնէր։

2000 թուականը կ՛ըլլայ շրջադարձային, տարւոյն Ապրիլ ամսուան սկիզբը՝ Հայոց ցեղասպանութեան 85 ամեակին սեմին, իտալացի բարեկամ լրագրողներու առաջարկով, կ՛որոշենք «Իտալիոյ տարածքին վրայ գտնուող եկեղեցական Թեմերուն ու Հռոմի գրեթէ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն  ել-նամակ մը ուղարկել, որուն մէջ, մանրամասն տեղեկութիւններ ընծայելով հայոց մեծ եղեռնի պատմութեան մասին, կը խնդրենք որ 24 Ապրիլին առթիւ, կիրակնօրեայ պատարագներուն ընթացքին բարեհաճէին յիշել 1.5 միլիոն քրիստոնեայ հայ նահատակները։ Այս քայլը անակնկալ կերպով մեր առջեւ կը բանայ  մինչեւ այդ պահը փակ նկատուած դռներ։

Իտալիան ու իտալացի ժողովուրդը, հայրերու նման, ունին քրիստոնէական զօրեղ արմատներ ու Եկեղեցին՝ ընկերութեան մէջ մեծ դեր կը խաղայ։ Ահա այս է պատճառներէն մին որ մեզ մղած էր դիմելու եկեղեցական կառոյցներուն, որոնք արդէն ունէին իրենց  ձեւաւորուած ու կեանքի կոչուած «ցանցերը», ու «համակիրները»։

Այդ քայլը եղաւ ինչպէս ըսի վճռական։  Անոնց հետ կիսելով մեր տառապանքն ու յիշողութիւնը, մենք կարողացանք ընդլայնել մեր հորիզոններն ու դուրս գալ մեր սահմանափակ շրջանակէն։

Եկեղեցական թերթեր սկսան հետաքրքրուիլ հարցով. Եկեղեցական հարցերով զբաղող լրագրողներ սկսան մեր հետ կապ պահել, մանրամասն ու յաւելեալ տեղեկութիւններ սկսան հրապարակուիլ Իտալիոյ տարածքին վրայ գործող ամենակարեւոր օրաթերթերուն մէջ։

Առիթէն օգտուելով դիմեցիք նաեւ դասագիրքերու հեղինակներուն, հրատարակչատուներուն եւ նոյնիսկ  Իտալիոյ Խորհրդարան՝ խնդրելով որ դպրոցական դասագիրքերու  մէջ յիշուին հայերը, անոնց մշակոյթն ու հազարամեայ պատմութիւնը ու յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան սեւ էջը, որպէս ազդակ յաջորդ սերունդներուն…

Մէկ խօսքով եկեղեցական միջավայրէն մեկնելով, կրիայի մը նման, դանդաղ քայլերով, կարողացանք  հասնիլ հանրութեան ու այդ գործունէութեան պսակումը հանդիսացաւ անցեալ Ապրիլին Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող ընդունած բանաձեւը, որուն կանխեցին Իտալիոյ տարածքին վրայ 136 քաղաքական տեղական վարչական մարմիններու կողմէ ընդունուած համապատասխան բանաձեւերը, որոնցմէ մի քանիները կարելի եղաւ ձեռք բերել  եկեղեցականներու կամ քրիստոնէական ներշնչում ունեցող  ընկերակցութիւններուն շնորհիւ։

Եզրափակելով խօսքս կ՛ուզեմ հաստատել, որ այսօր դիւրին չէ հանրային կարծիք  ձեւաւորելը եւ ոչ ալ կը հաւատամ թէ տասնեակ տարիներ առաջ սկիզբ առած ու վերեւ շատ հակիրճ,  խտացուած ու արագ կերպով ներկայացուած գործունէութիւնը հասած ըլլայ իր աւարտին։  Ընդհակառակը համոզուած եմ, որ ան պէտք ունի նոր սլացքի ու նոր միջոցներու, ի տես նորաստեղծ միջավայրերու ու հաղորդակցութեան միջոցներու նորաձեւ ընթացքին։

Վերոյիշեալ փորձառութենէն  քաղուած դասը կը մնայ հետեւեալը.  «հանրային կարծիք ձեւաւորելու համար պէտք է նախ եւ առաջ լաւապէս ճանչնալ այդ «հանրային կարծիքի» միջավայրը, իւրացնել անոր յատկութիւնները, ուսումնասիրել անոր իրականութիւնը, ընտելանալ անոր հետ, հուսկ գործել այնտեղ՝ օգտագործելով անոր միջոցներն ու անոր ոճը, հասանելի ըլլալու համար այդ «կարծիքը» ընկալող հանրութեան։

Ռորերթ Աթարեան-Հռոմ

Անթիլիաս 3 Յուլիս 2019

Մամուլի համաժողուվին հնչած զեկոյց