
Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց Հ.Յ.Դ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի և մասնակցութեամբ Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի և Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշքարեանի, Oգոստոս 22-ին այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Շուրջ մէկ ժամ տևողութեամբ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Թաւշեայ յեղափոխութեան արձանագրած դրական անդրադարձները և այդ ուղղութեամբ ժողովրդային ակնկալութիւնները:
Իբրև Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի ամդամ, Լիբանանի Հ.Յ.Դ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցեց Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջողութեան անհրաժեշտութիւնը և այդ առումով Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու անոր ամրապնդմանը։
Հ.Յ.Դ պատուիրակութիւնը Հայաստանի վարչապետին նաև փոխանցեց Լիբանանի հայութեան պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը՝ գործնական արձագանգելու Արցախի ու Հայաստանի հզօրացման ջանքերուն և միաժամանակ տագնապելու՝ այդ ճանապարհի վրայ դրսևորուող որևէ բացթողումի կամ տատանումի ժամանակ:
Վարչապետ Փաշինեանին փոխանցուեցաւ նաև Դաշնակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի և Լիբանանի տարբեր ոլորտներու մէջ՝ խթանելու տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, մշակութային և զբօսաշրջային կապերը:
Վարչապետ Փաշինեան իր ուրախութիւնը յայտնեց կայացած հանդիպման ատիթով, նշելով, որ իրեն համար Լիբանանը, Լիբանանի հայութիւնն ու երիտասարդութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունին, մանաւանդ յեղափոխութեան ընթացքին անոնց ցուցաբերած զօրակցական քայլերուն կապակցութեամբ:
Փաշինեան նշեց նաև, որ անհրաժեշտ է երկխօսութեան ու գործակցութեան շարունակութիւնը և քաղաքական առողջ ուժերու միասնութեան ճիգի արդիւնաւորումը՝ ի սպաս յեղափոխութեան յաջողութեան: