ԱՄՆ-ն Պատրաստ է Աջակցելու Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Յառաջխաղացման. Ճոն Պոլթըն

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող հանդիպումներուն:

«Անհամբերութեամբ կը սպասեմ շաբաթուան վերջը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումներուն, որպէսզի խրախուսեմ անոնց միջեւ երկխօսութեան շարունակումը: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հարցի յառաջխաղացման»,- «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է Պոլթըն:

Նախապէս ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Յունիս 20-ին Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հերթական հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ։  ՀՀ ԱԳՆ տարածած մէկ այլ հաղորդագրութեան համաձայն` ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ԱՄՆ խումբ  մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: