Հայկական Բանակը Պատժիչ Գործողութեամբ Մը Վրէժ Լուծեց Սիփան Մելքոնեանի Սպանութեան

Հայաստան

Հայկական բանակը անցեալ շաբաթավերջին պատժիչ գործողութեամբ մը՝ վրէժ լուծեց Յունիս 1-ին նահատակուած զինուոր Սիփան Մելքոնեանի սպանութեան:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան աննախադէպ արձանագրութիւն մը հրապարակեց «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ տեղեկացնելով. «Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան բարձր պարգեւատրման ներկայացուց հակառակորդին կրակէն զոհուած զինծառայող Սիփան Մելքոնեանի մահուան վրէժը առնող զինծառայողներուն: Վերջինները բարձր որակով կատարած էին վերադասի հրամանը»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածածեց «հայկական կողմի խոտորեցման գործողութեան հետեւանքով ատրպէյճանցի զինուորի մահուան վերաբերեալ: Իր նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը մոռցած՝ Ատրպէյճան Հայաստանի վրայ կը բարդէ վերջին օրերու լարուածութեան պատասխանատւութիւնը:

Հաղորդման մէջ կ՛ըսուի, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ հանդիպման նախօրէին հայկական կողմը իրականացուց «հերթական արիւնահեղ գործողութիւնը» կը տապալէ Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւնները եւ կը «նպաստէ տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան աճին»: «Մենք կ՛ընդգծենք, որ այս բեմագրութեան իրականացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի եւ այդ երկրի կառավարութեան վրայ է»,- կ՛ըսուի Ատրպէյճանի նշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Ուշագրաւ է, որ հայկական զինուժի պատասխան պատժիչ գործողութիւնը յաջորդեց Փութին-Փաշինեան հանդիպման: