Կիլիկիոյ Հայկական Օշինի Դղեակը Ամբողջութեամբ Փլուզուելու Եզրին է

Աշխարհ, Էրկիր

Ներկայ Թուրքիոյ Մերսին նահանգի Չամլըեայլայ գաւառին մէջ աւերակ վիճակի մէջ գտնուող Կիլիկիայի հայկական Օշինի դղեակը (թուրք. անուանումը` Սինապի ամրոց) վերականգման կարիք ունի: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ` սոյն հայկական միջնադարեան դղեակը 10-րդ եւ 11-րդ դարերուն հայերու կողմէ գործածուած է պաշտպանական նպատակներով, սակայն այժմ աւերուած վիճակի մէջ է: Տեղի բնակիչները կ՛անհանգստանան, թէ դղեակը շուտով ամբողջութեամբ փլի:

Թուրքիոյ քաղաքացիները կը պահանջեն վերականգնել զայն` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով: Այսպէս, Անգարայէն Ատանայ այցելած Իզզեթ Քեօքեն նշած է. «Ամրոցը ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուի: Երեխաներս ցանկացան տեսնել զայն, բերի, բայց լրիւ քանդուած է: Կը վախենամ ներս մտնելէ: Կ՛անհանգստանամ, թէ երեխաներուս վրայ քար կ’իյնայ»:

Ընտանեօք հանդերձ ամրոցը տեսնելու եկած Սիւլէյման Քարապելենն ալ պահանջած է, որ վերանորոգման աշխատանքները հնարաւորինս շուտ սկսին: