Հայաստանը` Լոյսի Շող Խաւարի Մէջ․ Freedom House-ի «Ազատութիւն եւ Մետիա» Զեկոյց
Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նոր` «Ազատութիւն եւ մետիա․ զսպանակաձեւ անկում» զեկոյցը կը փաստէ` աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան վիճակը վերջին տասնամեակին վատթարացած է: Աշխարհի ամենաազդեցիկ ժողովրդավարութիւններուն մէջ նպատակուղղուած ջանքեր կը գործադրուին մետիայի անկախութեան դէմ: Այդուհանդերձ, ըստ զեկոյցին, աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան պատկերը ամբողջապէս մռայլ չէ․ կան երկիրներ, ուր ժողովրդավարական յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ այդ երկիրներու շարքին է Հայաստանը:
«Աշխարհի մէջ մամուլի ազատութեան պատկերը ամբողջապէս մռայլ չէ: Վերջին երկու տարիներուն ժողովրդավարական յառաջընթացի ոգեշնչող օրինակներ են Եթովպիան, Մալայզիան, Հայաստանը, Էքուատորը եւ Զամպիան` բոլորն ալ զուգահեռաբար նուաճումներ ունեցած են մետիա դաշտին մէջ: Հինգ այս երկիրներէն միայն Հայաստանը չէ յաջողած նոյն տարուան մէջ արձանագրել մամուլի ազատութեան բարելաւում, ինչպէս եղած է քաղաքական փոփոխութիւններու պարագային : Այս ուղղումը անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ մամուլի ազատութեան եւ քաղաքական փոփոխութիւններու միջեւ սերտ կապը»,- կը նշեն հեղինակները ու կ՛աւելցնեն, որ վերոնշեալ երկիրներու մէջ բարելաւումը մատնացոյց կ՛ընէ անկախ լրագրութեան դիմադրողականութեան` անգամ տարիներու բռնաճնշումներէն ետք:
«Վերջին տարին Հայաստանը շատ աւելի մեծ յառաջընթաց արձանագրած է դէպի ժողովրդավարական անցում` բողոքի ցոյցերով, որոնք յանգեցուցին նոր ընտրութիւններու, բարեփոխիչ կառավարութեան: Հայաստանի մէջ, օրինակ, բազմաթիւ հեռուստաալիքներ սկիզբը կը խուսափէին բողոքի ցոյցերը լուսաբանելէն, բայց փոքրաթիւ անկախ լրատուականներ, որոնց մէջ` Սիվիլնեթն ու Ազատութիւնը, կրցան ապահովել կայուն, խորքային լուսաբանում` ուղիղ եթերներն ու ընկերային մետիան հմուտ կիրառելու միջոցով: Տեղեկատւութեան հոսքը խթանած է ժողովրդական շարժումը: Այս լրատուականները նաեւ կասեցուցած են նախկին վարչակարգի կողմէ ապատեղեկատւութեան տարածումը»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ։
Ստելլա Մեհրաբեկեան
