
Այսպիսի Գեղեցկութիւն Կարելի է Տեսնել Միայն Մեր Դիրքերուն Մէջ. Տիգրան Աբրահամեան
Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ լուսանկարներ տեղադրած է դիրքերէն առնուած եւ գրած.
«Մարդ կ՛երթայ դիրքեր, բացի անկէ, որ հաճոյք կը ստանայ մեր զինծառայողներու հետ շփումներէն, նաեւ գեղեցիկ ծաղկանոցները կը վայելէ:
«Այսպիսի գեղեցկութիւն, մաքրութիւն կարելի է տեսնել միայն մեր դիրքերուն մէջ»: