Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարական Տուաւ

Հայաստան

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան հրաժարականի դիմում  ներկայացուցած է:

Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ յայտնած է ԲԴԽ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Արման Խաչատրեանը:

«Նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորներու առնչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առիթով Մայիս 20-ին մամուլով իմ արտայայտած մտահոգութիւնները` այլեւս նպատակայարմար չեմ համարեր իմ յետագայ աշխատանքը Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի եւ Խորհուրդի անդամի կարգավիճակներով»,- իր դիմումին մէջ նշած է Գագիկ Յարութիւնեան:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ այսուհետեւ բաւարար ժամանակ պիտի ունենայ` յատկապէս միջազգային մասնագիտական գործակցութեան ծիրէն ներս առաւել աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու համար:

ArmLur.am-ի տեղեկութիւններով`  այսօր, Մայիս 24-ին  հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Գագիկ Յարութիւնեանի  եղբայրը` ՀՀ ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ, զօրավար Արզուման Գարուշի Յարութիւնեանը:

Յիշեցնենք որ ան ՀՀ ԱԱԾ տնօրէնի տեղակալ նշանակուած է Վանեցեանի` ԱԱԾ տնօրէն նշանակուելէն ետք` 2018-ի Յունիս 12–ին  ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով: