Արայիկ Յարութիւնեան Պիտի Մասնակցի 2020-ին Արցախի Մէջ Տեղի Ունենալիք Նախագահական Ընտրութիւններուն
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` Արցախի մէջ գործող «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած է ծրագրային ելոյթով` ներկայացնելով կուսակցութեան նոր օրակարգը, յառաջիկայ ծրագիրներն ու ընելիքները, ինչպէս նաեւ յստակ դիրքորոշում արտայայտած է սպասուող համապետական ընտրութիւններուն կառոյցի մասնակցութեան եւ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի շուրջ ունեցած տեսլականի վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան Քաշաթաղի շրջանի պատասխանատու Արտուշ Մխիթարեան իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ Բերձորի տարածքային գրասենեակին մէջ կայացած կուսակցութեան համաժողովի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ համագումարին կառոյցի նոր նախագահի, եւ ըստ այդ 2020 թուականին Արցախի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուի առաջադրման հարցը: Համաժողովին մասնակիցները միաձայն որոշած են թեկնածու առաջադրել «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան գործող նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
Վերջինս իր շնորհակալութիւը յայտնած է իրեն վստահելու համար եւ իր համաձայնութիւն տուած առաջարկին: Ան ըսած է, որ հանդիպման օրը իր կողմէ պատահական չէ ընտրուած, քանի որ 1992-ի Մայիս 18-ին իրականացած է իր նուիրական երազանքը` Մայր Հայաստանի հետ Արցախի վերամիաւորումը:
Յարութիւնեան հանդէս եկած է ծրագրային ելոյթով` ներկայացնելով «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նոր օրակարգը, յառաջիկայ ծրագիրներն ու ընելիքները, ինչպէս նաեւ յստակ դիրքորոշում արտայայտած սպասուող համապետական ընտրութիւններուն կառոյցի մասնակցութեան եւ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի շուրջ ունեցած տեսլականի վերաբերեալ:
«Իմ հանդիպումներու շարքը սկսած եմ Իշխանաձորէն, որովհետեւ այս համայնքը վերջին տարիներուն եղած է ամենազարգացող գիւղերէն մէկը: Այստեղ ես պատասխան կու տամ մատրիտեան սկզբունքներուն, կազանեան համաձայնագիրին եւ բանակցային գործընթացին առնչուող մնացած հարցերուն: Մենք Սահմանադրութեամբ ամրագրուած հայրենիք ունինք, եւ պարտաւոր ենք քայլ առ քայլ հասնելու մեր վերջնական նպատակին: Ես այստեղ երդում կու տամ, որովհետեւ այստեղ են իմ մարտական եւ կուսակից ընկերները, համախոհները, հայրենակիցները, իմ ընտանիքը, որովհետեւ կը գիտակցիմ ինչ պատասխանատւութիւն պէտք է ստանձնեմ ձեր վստահութեան քուէն ստանալէն ետք: Տասը տարի ըլլալով ԱՀ վարչապետ եւ գրեթէ մէկ տարի պետնախարար` կը գիտակցիմ Արցախի մէջ տակաւին չլուծուած խնդիրներուն ծաւալը եւ անոնց լուծման եղանակները»,-աւելցուցած է Յարութիւնեան:
