«Եւրոտեսիլ-2019»-ի Ժամանակ Ատրպէյճանի Քարտէզը Ներկայացուած է Առանց Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի. Պաքուն Զայրացած է
Մայիս 16-ին, Թել Աւիւի մէջ կայացած է «Եւրոտեսիլ-2019» երգի մրցոյթը:
Ըստ Yerkir.am-ի՝ ատրպէյճանական Oxu.Az-ը կը յայտնէ, որ գնահատականները ներկայացնելու ժամանակ, երբ պաստառին վրայ յայտնուած է Ատրպէյճանի քարտէզը, այնտեղ բացակայած են Լեռնային Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը:
Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը միջադէպէն անմիջապէս ետք դիմած է մրցոյթի կազմակերպիչներուն եւ Եւրոպական հեռարձակող միութեան ղեկավարութեան:
