Արձանագրուած Յաջողութիւնները Հնարաւոր է Պահպանել Միայն Սիրոյ Ոգիի Ամրապնդումով. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը

Հայաստան

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ մեր,

Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք անցնող քանի մը ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրինայարգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ արձանագրուած յաջողութիւնները հնարաւոր է պահպանել ու զօրացնել միայն եղբայրութեան եւ սիրոյ ոգիի ամրապնդումով:

Կոչ կ՝ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` ցուցաբերելու հանդարտութիւն, զերծ մնալու բռնութիւններէ, խաղաղութեամբ, ազգային միասնութեան ոգիով եւ միմեանց նկատմամբ սիրով առլեցուն ներդնելու բոլոր ջանքերը` յաղթահարելու համար մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

Մենք կը հաւատանք, սիրելի՛ զաւակներ մեր, ձեր ողջախոհութեան եւ հայրենիքի ապագայի հանդէպ ձեր պատասխանատւութեան բարձր գիտակցութեան:

Հայրապետիս աղօթքն է, որպէսզի օրհնեալ մեր երկրի մէջ փոխըմբռնման եւ համերաշխութեան միջոցով, Տիրոջ օգնականութեամբ լուծուին առկայ բոլոր տարաձայնութիւններն ու հակառակութիւնները:

Երկնառաք օրհնութիւն եւ աստուածային իմաստութիւն բոլորիս:

Գարեգին Բ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս