Սուրիոյ Մէջ Հրթիռակոծման Հետեւանքով Հայ Երեխայ Մը Զոհուած է
Զինեալ խմբաւորումները, խախտելով լարուածութեան մեղմացման գօտիներու մասին համաձայնութիւնը, Մայիս 12-ին հրթիռակոծած են սուրիական Համա քաղաքի արուարձանները:
Ըստ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանի՝ զինեալները բազմաթիւ հրթիռներ արձակած են Սքէյպիէ շրջանի բնակչութեան ուղղութեամբ:
Հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուած են 5-10 տարեկան 4 երեխաներ, վիրաւորուած են տասնեակ քաղաքացիներ:
Զոհերէն մէկը հայ Ճեսիքա Սեմերճեանն է: