Քալիֆորնիոյ Նահանգապետի Գրասենեակը Կը Ծանօթանայ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրին
4 Մայիսին, Հայ-ամերիկեան թանգարանի ղեկավարութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի օրէնսդրական հարցերու քարտուղար Էնթընի Ուիլեըմզի հետ։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ եւ անոր մասնակցեցան թանգարանի հոգաբարձութենէն եւ ճարտարապետական խմբակէն ու շինարարական յանձնախումբէն անդամներ։ Ներկայ էր նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան
Ուիլեըմզի ներկայացուեցաւ մշակութային եւ կրթական կեդրոն դառնալու համար նախաձեռնուող եւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք թանգարանի ծրագիրին մանրամասնութիւնները ու կարելի եղաւ նաեւ անոր հետ այցելել թանգարանին վայրը։
Փորթանթինօ յայտարարեց, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները այս ծրագիրին «հպարտ գործընկերները» դարձած են։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւնները իրենց 2016-2017ի եւ 2017-2018ի ամավարկերուն մէջ յաջորդաբար 1 եւ 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն խոստացած են ծրագիրին իրականացման ջանքերուն։
Իր կարգին, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան յայտնեց, թէ ծրագիրին շնորհիւ, ամերիկահայերը աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան իրենց արմատներուն, նոյն ժամանակ հայութեան պատմութիւնը հասանելի պիտի դառնայ բոլորին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել
www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը:
