Համաձայնագիր Ունենալը Անհրաժեշտութիւն է. Պարգեւ Սրբազան

Հայաստան

ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումէն ետք՝ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան ըսած է, թէ համաձայնագիր ունենալը անհրաժեշտութիւն է։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Սրբազանը՝ իր խօսքը յստակեցնելով՝ ըսած է, որ անիկա տէ ֆաքթօ կար, բայց կարիք կայ, որ տէ իւրէ եւս ըլլայ: «Եթէ տէ իւրէ ունենանք այդ պայմանագիրը, անիկա կրնայ լայն բանալ Հայաստանի թեւերը, գործելու սահմանները»,- նշած է  սրբազանը:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ տեսակէտ կայ, որ դաշնագրի կնքումը կրնայ բարդացնել ԵԱՀԿ ՄԽ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները, ըսած է. «Ասկէ ալ աւելի վատ վիճա՞կ. պատերազմական վիճակի մէջ ենք, ասկէ ալ վատ վիճակը ո՞րն է: Ամէն օր կը կրակեն սահմանին»:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչը կրնար պատճառ ըլլալ տեւական ժամանակ դադրած կրակոցներու վերսկսման, սրբազանը նշած է. «Ես կ՝ենթադրեմ, որ անոնք յոյսը կորսնցուցին, թէ մենք ինքնակամ որեւէ բան պէտք է զիջինք, հասկցան, որ մենք նոյն սկզբունքներուն վրայ պիտի հիմնուինք»:

Խօսելով դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին` Արցախի թեմի առաջնորդը ըսած է, թէ չի կարծեր, որ դիւանագիտական առումով հեռացած ենք որեւէ կէտէ, ունինք այն, ինչ ունինք` ռազմական յաղթանակներ, որոնք դիւանագիտական դաշտի մէջ քիչ մը դժուար է ամրագրել, եւ ատիկա հասկնալի է:

«Ճկունութեան պարագային հաւանաբար հնարաւոր ըլլայ ամրագրել այդ ամէնը» հարցին Պարգեւ սրբազանը պատասխանած է, որ հարցը ճկունութեան մէջ չէ, պարզապէս ոչ ոք կ՝ուզէ ճանչնալու հետ հաշտուիլ, թէեւ բացառիկ դէպքեր կան` Աբխազիա, Օսիա, Քոսովօ:

«Ի վերջոյ, պէտք է հասնիլ ատոր: Դժուար է ընթացքը, բայց պէտք չէ ընկճուիլ, յամառօրէն պէտք է շարունակենք պաշտպանել մեր իրաւունքները: Պէտք է երթանք առաջ: Քիչ մը կնճռոտ, քիչ մը դժուար ճանապարհ է, բայց պէտք է երթանք առաջ»,- ընդգծած է ան: