Ստեփանակերտի Երթուղիներուն Մէջ Տեսախցիկներ Կը Տեղադրուին

Հայաստան

Մայիս 6-էն Ստեփանակերտի շարք մը հասարակական երթուղիներու մէջ տեղադրուած են տեսախցիկներ:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է «Ստեփանակերտ Սերվիս» ընկերութեան տնօրէն Լեւոն Չալեան եւ աւելցուցած, որ իրենց ընկերութեան 28 հանրակառքերէն տեսախցիկները տեղադրուած են 12-ի մէջ:

«Յառաջիկային տեսախցիկներ պիտի տեղադրուին բոլոր երթուղիներու մէջ: Նպատակը ուղեւորահոսքը, երթուղայիններու նստարաններու վնասումը եւ այլ երեւոյթները վերահսկելն է»,- նշած է Չալեան: