Գարեգին Բ Կաթողիկոս Սուրբ Պատարագ Մատուցած է Կրէտէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ 350-ամեայ Եկեղեցւոյ Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կրէտէ (Յունաստան) հովուապետական այցին երկրորդ օրը` Մայիս 5-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է  Հերակլիոնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ համայնքը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դիմաւորած է եկեղեցւոյ դիմաց՝ աւանդական աղ ու հացով եւ «Հրաշափառի» երգեցողութեամբ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է աղօթք, որուն աւարտին՝ Նորին Սրբութիւնը՝ իր օրհնութիւնը բաշխած է ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ յաջորդած պատրաստութենէն ետք՝ եկեղեցականաց թափօրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առաջնորդած է դէպի տաճար: Վեհափառ Հայրապետը, ժողովուրդը օրհնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն բերուած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքակիր խաչով, զայն զետեղած է սուրբի անունը կրող խորանին` հաւատացելոց օրհնութեան եւ երկրպագութեան համար:

Սուրբ Պատարագին ընթացքին՝ Նորին Սրբութեան իբրեւ առընթերականեր սպասաւորած են Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Գերաշնորհ Տ. Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանը:
Սուրբ Պատարագին ներկայ եղած են Յունաստանի ԱԳ փոխնախարար Մարկոս Պոլարիսը, Կրէտէի Արքեպիսկոպոս Իրենէոսի, Կրէտէի նահանգապետարանի եւ Հերակլիոնի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, այլ եկեղեցիներու սպասաւորներ, Կրէտէի հայ համայնքի եւ եկեղեցական վարչութեան անդամներ, բազում ուխտաւորներ Աթէնքէն, Պոլիսէն եւ Մոսկուայէն:

Սուրբ Պատարագին ընթացքին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերած է ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդին: