ՀՀ Վարչապետը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Եւրոպական Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 5-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտին` Եւրոպական խորհուրդի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով:

Ուղերձին մէջ վարչապետ Փաշինեան ըսած է, թէ եօթանասուն տարին բոլորող Եւրոպական խորհուրդը մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան վրայ խարսխուած համընդհանուր արժեհամակարգ եւ Եւրոպական միասնական իրաւական տիրոյթ է` 840 միլիոն քաղաքացիներու համար:

«Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական խորհուրդի բացառիկ դերակատարութեան շարունակական ամրապնդումը եւ պատրաստ է աջակցելու կազմակերպութեան` իր յետագայ բարեփոխումներուն համար»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, հայ ժողովուրդին եւ իր անունով մաղթելով Եւրոպական  խորհուրդին անսասան կենսունակութիւն` ի նպաստ Եւրոպայի պաշտպանուած ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան: