
ՏԱ Ոլորտը Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Գերակայութիւն է․ Զոհրապ Մնացականեան
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան հանդիպեցան հայկական ծագումով բարձր արհեստագիտութիւններու արտադրութեան շուրջ 60 ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ: «Արմենփրեսե»-ի հաղորդմամբ` ներկաները քննարկեցին միջազգային շուկաներ բարձր արհեստագիտութիւններու արտադրութեան արտահանման, միջազգային հարթակի վրայ համագործակցութեան արդիւնաւէտ գործիքներու մշակման, նպատակներու եւ ոլորտներու յստակեցման, միջազգային շուկայ մուտք գործելու իրաւական ընթացակարգերուն առնչուող հարցեր:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշեց, որ իրենց համար բարձր արհեստագիտութիւններու, խելացի զարգացման համակարգը արտաքին քաղաքականութեան չափազանց էական գերակայութիւն է:
«Մենք ունինք բազմաթիւ հնարաւորութիւններ` ձեւաւորելու հարթակներ, ուր մեր մասնաւոր հատուածը կրնայ դուրս գալ եւ օգտագործել ատոնք` զարգացնելու իրենց կարողութիւնները»,- շեշտեց Մնացականեան:
ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան ընդգծեց, որ 2019-ին արդէն իսկ կը սկսուի ճարտարագիտական քաղաքի շինարարութիւնը:
«Ճարտարագիտական քաղաքը հնարաւորութիւն պիտի տայ հաւաքել ողջ ուժն ու կարողութիւնները մէկ տեղ եւ օգտագործել այդ ամէնը: Ընկերութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ունենան աւելի սերտ համագործակցելու իրարու հետ եւ օգտագործելու Կառավարութեան տուած հնարաւորութիւնները»,- ըսած է Արշակեան եւ աւելցուցած, որ արհեստագիտական աշխարհի մէջ սահմանները արդէն ջնջուած են եւ տարբեր երկիրներ իրարու հետ արհեստագիտական համագործակցութեան արդիւնքով մեծածաւալ խնդիրներ կը լուծեն:
Նախարար Արշակեանի խօսքով, պէտք է աշխատիլ արտասահմանի մէջ շուկաներ ներգրաւելու համար, քանի որ այնտեղ մրցակցութիւնը շատ աւելի մեծ է: